2010-09-26 13:39:57

Կարտինալ Քասբեր Կը Ոգեկոչէ Յիշատակը Հանգուցեալ Գերապայծառ ֆորթինոյի` Մեծ Բարեկամը Օրթոտոքս Աշխարհին։


Կարտինալ Քասբեր Կը Ոգեկոչէ Յիշատակը Հանգուցեալ Գերապայծառ ֆորթինոյի` Մեծ Բարեկամը Օրթոտոքս Աշխարհին։

Չորեքշաբթի գիշերը, իր հոգին աւանդեց գերապայծառ ֆորթինօ՝ ենթաքարտուղարը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Ան եղած է նաեւ քարտուղարը կաթողիկէ օրթոտոքս աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբին։ Այս առթիւ կարտինալ Քասբեր` վաստակաւոր նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին Վատիկանի մամուլին հետ ելոյթ ունենալով ըսաւ. ՜՜Գերապայծառ ֆորթինօ ոչ միայն եղաւ ճշմարիտ բարեկամը օրթոտոքսներուն, այլ եւ անոնցմէ շատ գնահատուած էր։ Արդարեւ հմուտ եղած էր օրթոտոքս աստուածաբանութեան, գիտէր միատեղ դնել իր հմտութիւնն ու կարողութիւնը, հաղորդելու՝ ուրախութիւն եւ բարեկամութիւն, ստեղծելով այսպէս անհատական յարաբերութեան ցանց մը։ Ան հակառակ ծանր հիւանդութեան միշտ եղած է ժպտադէմ ու զուարճախօս։ Անձնապէս շինուած եմ ու հաւատքով զօրացած իր այս քաջութեան համար։ Ան ուրախութեամբ ու հաւատքով ապրեցաւ իր հիւանդութիւնը։ եղաւ սուրբ մարդ մը , նկարագրով հեզաբարոյ, բարի եւ ազնիւ։ Քրիստոնէական ուրախութիւնը անբաժան մէկ մասը եղաւ իր կեանքին եւ ասիկա մեծ վկայութիւն եղաւ բոլոր զինք ճանչցողներուն համար։

Կարտինալ Քասբերի գնահատումով գերապայծառ ֆորթինօ եղած է իր ամենէն արժէքաւոր գործակիցը, ան ըսաւ որ ՜՜ աշխատեցայ լաւագոյնս շահագործել անոր փորձառութիւնը, մասնաւորապէս հայող Միջին Արեւելքի համամիութենական հարցերուն։ Բոլորին կողմէ ան նկատուած է որպէս պատմական ողջ յիշատակը համամիութեան շարժումին վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն սկսեալ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.